2015-02-16 14:49:13

Հաղորդագրութիւն` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Թոնկոյի թագաւորի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումի մասին։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով կը տեղեկացնէ, թէ երկուշաբթի 16 փետրուարին , Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Թոնկոյի թագաւոր` Թուփու Դ ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան միջեւ հանդիպում մը, որուն աւարտին Թոնկոյի Թագաւորն ու պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած են նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիէթռօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի։
Հանդիպման ընթացքին Թոնկոյի թագաւորը գոհունակութիւն յայտնած է իր հայրենակից Կարդինալ Սուանէ Փաթիթա Փայնի Մաֆիի կարդինալ ընտրուելուն համար։Ապա երկու կողմերը քննարկած են Թոնկոյի մէջ տիրող ներկայ քաղաքական իրավիճակը ինչպէս նաեւ բարձր գնահատուած է ՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նպաստը ընկերային զանազան խաւերէն ներս։Երկու կողմերը ապա գաղափարներ փոխանակած են միջազգային կացութեան մասին, յատկապէս կեդրոնանալով Ովկիանոսեան որոշ երկիրներու հրատապ ու բնապահպանական հարցերու շուրջ` զոր պէտք են լուծուիլ։







All the contents on this site are copyrighted ©.